ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՅՏԸՆԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԸՆԴԳԾԵՑ ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, որ Իտալիա մեկնած է մասնակցելու համար Մեծն քսանեակի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովին, Վատիկանի մէջ ընդունուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Նախագահ Պայտընի հետ էր նաեւ Առաջին տիկին Ճիլ Պայտըն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սրբազան Քահանայապետը ամերիկացի ղեկավարը հիւրընկալելու ժամանակ ըսաւ. «Դուք խաղաղութեան համար պայքարի մէջ իմ տեսած ամենահզօր մարտիկն էք»։ Վատիկանի Առաքելական պալատի դռնփակ հանդիպումէն վերջ Սրբազան Պապը յայտնեց, որ Պայտըն իրեն ըսած է, թէ լաւ կաթոլիկ մըն է։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Սրբազան Պապը ամերիկացի ղեկավարին հետ զրուցելու ժամանակ կոչ ուղղած է աւելի յաւակնոտ գործել՝ կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքարի ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2021