ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԿԼԻՄԱՅԻ ԳԱԳԱԹ
Փարիզի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային կլիմայի գագաթաժողովը։ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսու Օլանտի տանտիրութեամբ, մայրաքաղաքի մերձակայ Պուրժէի մէջ համախմբուած են աշխարհի 130 երկիրներէ պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ։ ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ շրջանակային պայմանագրի կողմ պետութիւններու 21-րդ համաժողովն է այս մէկը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Ներկայ է նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Նկատի ունենալով, որ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւս կը մասնակցի գագաթաժողովին՝ միջազգային հանրութիւնը հետաքրքրութեամբ կը սպասէ հաւանական Էրտողան-Փութին մերձեցման։ Այս առաւօտ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ նման հանդիպում մը չէ ծրագրուած։