ԱՏԱՆԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀՐԴԵՀ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Ա­տա­նա­յէն հա­սած ող­բեր­գա­կան լու­րե­րը մեծ ցաւ պատ­ճա­ռեց բո­վան­դակ Թուր­քիոյ։ Քա­ղա­քի Ա­լա­տաղ գա­ւա­ռա­կէն ներս հրդեհ մը ծա­գե­ցաւ երկ­յար­կա­նի ա­շա­կեր­տա­կան հան­րա­կա­ցա­րա­նի մը մէջ։ Ի­գա­կան սե­ռէ ա­շա­կերտ­նե­րու յատ­կա­ց-ւած այդ հան­րա­կա­ցա­րա­նին մէջ դժբախ­տա­բար զո­հուե­ցաւ 12 հո­գի։ Ա­տա­նա­յի կու­սա­կալ Մահ­մուտ Տե­միր­թաշ տե­ղե­կա­ցուց, որ զո­հուած­նե­րէն 11-ը ա­շա­կերտ է, իսկ մին հսկիչ-ու­սու­ցիչ։

Մինչ հրդե­հին մա­րուի­լը տե­ւեց ե­րեք ժամ, կա­ռա­վա­րու­թեան չորս ան­դամ­ներ ան­մի­ջա­պէս փու­թա­ցին դէպ­քի վայր։ Գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ-ն ալ փու­թով ու­ղար­կեց պա­տուի­րա­կու­թիւն մը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լէն կարգ մը թեր­թեր կը մատ­նան­շեն, որ այդ հան­րա­կա­ցա­րա­նը կը պատ­կա­նի Սիւ­լէյ­մա­նա­կան­նե­րու հա­մայն­քի­ն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016