ԵՐԿՈՒ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ
Սուրիոյ մէջ երէկ կորստեան մատնուեցան երկու թուրք զինուորներ, որոնք կը մասնակցէին Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկ յետմիջօրէին, ժամը շուրջ 15.30-ին, այդ երկու զինուորներուն հետ հաղորդակցութիւնը խզուեցաւ։ Կը պնդուի, որ այդ զինուորները առեւանգուած են ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) կողմէ։ Զինուորներուն հետ հաղորդակցութեան խզուելուն զուգահեռ՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար անմիջապէս հեռաձայնով կապ հաստատեց Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ ու զեկուցեց ստեղծուած իրադրութեան մասին։ Դէպքի պատահած շրջանէն վերջ անմիջապէս սկսան որոնման աշխատանքներ։
Սուրիոյ Էլ Պապ քաղաքին Տանա գիւղին մէջ պատահեցաւ այս դէպքը։ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները ծանր զէնքերով յարձակում մը գործեցին թրքական զօրքերուն վրայ։ Տանա գիւղը օր մը առաջ անցած էր Ազատ Սուրիոյ բանակի հակակշռին տակ, իսկ երէկ ԻՇԻՊ հակայարձակման ձեռնարկեց՝ վերստին տիրանալու համար այդ գիւղին։ Այդ ընթացքին ահաբեկիչները յարձակեցին նաեւ թուրք զինուորներուն վրայ, որոնք աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Ազատ Սուրիոյ բանակին։
Զինուորներու որոնման աշխատանքները կը շարունակուին օդէն եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը կը կեդրոնանայ քանի մը վարկածներու վրայ։ Անօդաչու թռչող սարքերն ալ կը մասնակցին այդ աշխատանքներուն։ Հաւանական կը համարուի, որ զինուորները նախ տարուած ըլլան Էլ Պապ քաղաքի կեդրոնը, իսկ գիշերուան ժամերուն՝ Ռաքքա։ ԻՇԻՊ անցեալ տարի Սեպտեմբերին առեւանգած էր նաեւ Սեֆէր Թաշ անունով թուրք զինուոր մը, որ ցայսօր կը գտնուի Ռաքքայի մէջ։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա արդարութեան վերահաստատման համար մուտք գործած է Սուրիա։ Երկար համբերելէ վերջ, Ազատ Սուրիոյ բանակին հետ Թուրքիա պարտաւորուած է մուտք գործելու այդ երկիրը՝ պետական ահաբեկչութիւններու հեղինակ Էսատը գահընկէց ընելու համար։