ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ՓԵՔԻՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԱՌԸՆՉԱԿԻՑ ԴԱՐՁՆԵԼ ԵՏՄ-Ն ԵՒ ՄԵՏԱՔՍԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

Մոս­կուա­յի եւ Փե­քի­նի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք կը տա­նին՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) եւ Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի նա­խագի­ծե­րը ի­րա­րու հետ ա­ռըն­չա­կից դարձ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Այս նիւ­թը վեր­ջերս քննար­կուե­ցաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ցզին­փի­նի կող­մէ։ ԵՏՄ-ի եւ Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի նա­խագ­ծե­րու կա­պակց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը լրջօ­րէն ու­սում­նա­սի­րուե­ցաւ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն կող­մէ։ Ա­նոնք մատ­նան­շե­ցին նաեւ, որ Ռու­սաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի մօ­տե­ցում­նե­րը կը հա­մընկ­նին ա­ռանց­քա­յին մի­ջազ­գա­յին խնդիր­նե­րու պա­րա­գա­յին։

Ռուս-չի­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցաւ նաեւ Սու­րիոյ տագ­նա­պը։ Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ կող­մե­րը մտա­դիր են ա­պա­գա­յին եւս բարձր մա­կար­դա­կով հան­դի­պում­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու։

Միւս կող­մէ, Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ ալ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի հետ։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը Մոս­կուա-Թեհ­րան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը աչ­քէ ան­ցու­ցին՝ Ռու­սաս­տան-Ի­րան Միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի մօ­տա­լուտ նիս­տին ըն­դա­ռաջ։ Այդ ժո­ղո­վը Դեկ­տեմ­բե­րի 13-ին նա­խա­տե­սուած է Ի­րա­նի մէջ։

Փու­թին եւ Ռու­հա­նի կանգ ա­ռին Սու­րիոյ ի­րադ­րու­թեան վրայ, նաեւ շօ­շա­փե­ցին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Այս նիւթերուն շուրջ կողմերը միջազգային գետնի վրայ կը դասուին նոյն ճամբարին մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016