ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանը մշակոյթի միջոցաւ միջազգային հարթակներու վրայ լաւագոյնս ներկայացնելու հնարաւորութիւնները երէկ քննարկուեցան Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի կողմէ, որոնք կանգ առին երկրի ծանօթացման ծրագրերուն եւ համապատասխան նոր նախաձեռնութիւններու վրայ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Ամիրեան երէկ Սերժ Սարգսեանին զեկուցեց իր գլխաւորած նախարարութեան գործունէութիւններու գերակայ ուղղութիւնները։ Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ հայկական մշակոյթի ծանօթացման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ Երեւանէ դուրս երկրի մարզերէն ներս եւս մշակութային կեանքի աշխուժացման ուղղութեամբ նախարարութեան կողմէ մշակուած են շարք մը ծրագրեր։ Նախագահ Սարգսեան նման խնդիրներ արծարծած էր նաեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան 16-րդ համագումարին ժամանակ։ Ուստի, երէկուան զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան այդ նպատակներու իրականացման ճանապարհին նախատեսուած քայլերը։
Արմէն Ամիրեան տեղեկացուց, որ երկրի մշակոյթի գործիչները ունին նախագահին հետ տեսակցելու փափաքը։ Սերժ Սարգսեան սիրով համաձայնեցաւ հանդիպիլ մշակոյթի գործիչներուն հետ եւ աւելցուց, որ ինքն ալ այդպիսի հանդիպման մը անհրաժեշտութիւնը կը զգայ։ Արդարեւ, իր մօտ ալ կուտակուած են բազում հարցեր, հետեւաբար խընդ-րեց պատրաստ ըլլալ անկեղծ զրոյցի մը յիշեալ ձեւաչափին մէջ։
Արմէն Ամիրեան առաջարկեց ստեղծել համահայկական սիմֆոնիք նուագախումբ մը եւ անոր կազմին մէջ ընդգրկել տաղանդաւոր հայ արուեստագէտներ, որոնք հանդէս կու գան աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ։ Կը ծրագրուի առաջին համերգը իրականացնել յառաջիկայ տարուան Ապրիլի 24-ին Երեւանի մէջ։ Այնուհետեւ այդ նուագախումբը տարուան ընթացքին համերգներով հանդէս կրնայ գալ աշխարհի շարք մը քաղաքներուն մէջ, ուր կը բնակին հոծ թիւով հայեր։
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց այս գաղափարը։ Ըստ իրեն, սա գրեթէ ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան իր պատկերացումներուն ու համոզումներուն, նաեւ ձեւով մը խորհրդանշական գաղափար մըն է։ Սա առաջին հերթին կը նշանակէ ներդաշնակութիւն, միասին աշխատելու կարողութիւն ու թերեւս այսպիսի նուագախումբ մը կրնայ ներդաշնակ ու միասնական աշխատանքի օրինակ մը հանդիսանալ միւս բնագաւառներուն համար։