ՊԵՆԻԱՄԻՆ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՊԱՔՈՒ

Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Պա­քու։ «Ար­մէն­փր­էս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, դի­ւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է Դեկ­տեմ­բե­րի 13-ին։ Պե­նիա­մին Նե­թանի­յա­հուի Պա­քու այ­ցե­լու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է միօ­րեայ ձե­ւա­չա­փով։ Ան պի­տի տե­սակ­ցի Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ այդ երկ­րի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն այլ դէմ­քե­րու հետ։

Ատր­պէյ­ճա­նէն վերջ Նե­թա­նի­յա­հու պի­տի ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Ղա­զա­խիս­տան, ուր պի­տի տե­սակ­ցի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յե­ւի հետ։ Որ­պէս Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պետ՝ Նե­թա­նի­յա­հու ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի այ­ցե­լէ այդ եր­կի­րը։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր ստո­րագ­րուին՝ տնտե­սա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս Իս­րա­յէլ-Ղա­զա­խիս­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու հա­մար։ (portre)

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016