ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մինսք։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սպիտակ Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովը։ Սերժ Սարգսեան կազմակերպութեան անդամ միւս երկիրներու ղեկավարներուն հետ մասնակցութիւն կը բերէ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին։

Այս գագաթաժողովի սեմին Մինսքի մէջ տեղի ունեցան նաեւ այլ շարք մը բարձր մակարդակի ժողովներ։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ներկայ գտնուեցաւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու իր պաշտօնակիցներու հանդիպման։ Այսօրուան գագաթաժողովէն առաջ ալ Մինսքի մէջ տեղի կ՚ունենայ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու եւ ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէին համատեղ նիստը։ Սոյն հաւաքին կը մասնակցին Եդուարդ Նալպանտեան, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գէորգեան։

Միւս կողմէ, Մինսքի գագաթաժողովի սեմին, վերջին օրերուն Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը, որ Հայաստանէն է։

Հարկ է նշել, որ Մինսքի ժողովներուն ընդառաջ, Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն երկկողմանի ձեւաչափի մէջ այցելութիւն մը տուաւ Սպիտակ Ռուսիա։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017