ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Չավուշօղլու տեղեկացուց, որ վերահաստատած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը Մինսքեան խմբակի գործընթացին նկատմամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերջին շրջանին թափ տուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին անդամ է եւ զանազան առիթներով ամենաբարձր մակարդակի վրայ համանախագահներու գործունէութիւնը կը քննադատէ՝ անարդիւնաւէտութեան պատճառով։ Իսկ Երեւանի ղեկավարութիւնը բոլոր առիթներով կը բարձրաձայնէ, որ Անգարա պէտք է հեռու մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն։

Բաց աստի, Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր Պաքուի մէջ կը մասնակցի Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպման։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի տանտիրութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս ժողովը, որ առաջինն է իր տեսակին մէջ։ Կը նախատեսուի, որ այս երեք երկիրները քննարկեն իրենց յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով ա՛լ աւելի զարգացնելու հնարաւորութիւնները։ Նախարարները միեւնոյն ժամանակ կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ նիւթերուն շուրջ։ Եռակողմանի ժողովին առթիւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու Պաքուի մէջ կը հիւրընկալուի նաեւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Փաքիստան աշխարհի վրայ գրեթէ միակ երկիրն է, որ չի ճանչնար Հայաստանը։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու 1 Դեկտեմբերին ալ պիտի մասնակցի Աֆղանիստանի վերաբերեալ ժողովի մը։ «Ասիոյ սիրտը-Իսթանպուլ» գործընթացի նախարարներու մակարդակով եօթներորդ հաւաքին ներկայութիւն պիտի բերէ ան։ Այս գործընթացը կը նախատեսէ ամրապնդել տարածքաշրջանային համագործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը՝  ի նպաստ Աֆղանիստանին։ Թուրքիա այս գործընթացին մէջ կ՚իրականացնէ աշխոյժ դերակատարութիւն։ Հաւաքը այս անգամ տեղի կ՚ունենայ Աֆղանիստանի եւ Ատրպէյճանի համանախագահութեամբ։ Տասնըչորս տարածքա-շըրջանային պետութիւններու առընթեր, վաղուան հաւաքին պիտի մասնակցին նաեւ միջազգային կամ տարածքաշրջանային կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017