ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԸՆԾԱՅԷ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԻՒՍԻՍ-ՀԱՐԱՒ ՄԱՅՐՈՒՂԻԻ ԵՐՐՈՐԴ ՇԵՐՏԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ
Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան վերջերս բացատրութիւններ տուաւ Հիւսիւս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման գործընթացին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը յայտնեց, որ շինարարութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի շեշտը դնել հարաւային հատուածի վրայ։
Հայաստանի կառավարութեան վերջին ժողովի աւարտին լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Յակոբ Արշակեան ընդգծեց, որ այս մայրուղիի կառուցումը թոյլ պիտի տայ միանալ Իրանին եւ Չինաստանին, որ կը վերականգնէ Մետաքսի ճանապարհը։
«Սա լուրջ քաղաքական աւանդ մը պիտի ըլլայ։ Չինաստան նման ճանապարհի մը կարիքը ունի», ըսաւ նախարարը։ Թէ ե՞րբ այս ծրագիրը պիտի աւարտի ամբողջութեամբ. Արշակեան դժուարացաւ այս հարցը պատասխանելու, սակայն տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնները. «Կայ երեք շերտ, մէկը աւարտած է, բայց այնտեղ լուրջ խնդիրներ կան։ Երկրորդը չէ աւարտած ու այնտեղ եւս կան որակի վերաբերեալ մտավախութիւններ։ Երրորդի մէջ հողային աշխատանքներ կը կատարուին։ Հիմնական խնդիրները կը վերաբերին պեթոնէ ծածկոյթի որակին։ Արդէն կատարուած են տարրալուծարանային հետազօտութիւններ եւ նմոյշները յաւելեալ անգամ արտասահման պիտի ուղարկուին փորձագիտութեան համար»։