ԻՊՐԱՀԻՄ ՔԱԼԸՆ ԼԱՒԱՏԵՍ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը յառաջանայ դրական ձեւով։ «Անատոլու» գործակալութեան կատարած յայտարարութիւններուն մէջ ան յայտնեց, որ ներկայ ամսուան սկիզբին սահմանի վրայ թեքնիք պատուիրակութիւններու ժողով մը տեղի ունեցած է։ «Երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիրով անձերու ցամաքային սահմանէն անցնելուն համար արտօնութիւն տրուիլը քայլ մըն է, որ մօտաւոր ապագային կրնայ կեանքի կոչուիլ», ըսաւ Քալըն՝ անդրադառնալով Անգարայի եւ Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան։

Բաց աստի, Իպրահիմ Քալըն նշեց, որ Անգարա կը ձգտի՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման համար յարմար գետինի մը ձեւաւորուիլը։ Այս ուղղութեամբ առողջ ընթացք մը պէտք է ունենայ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացը։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2022