ԿԱՐԵՒՈՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջին օրերուն իրերայաջորդ այցելութիւններ տուաւ դէպի Փարիզ եւ Պերլին։ Աշխատանքային ուղեւորութեան շրջանակին մէջ ան մէկտեղուեցաւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարութիւններէն բարձր մակարդակի դէմքերու հետ, որոնց նկատառման յանձնեց Երեւանի քաղաքականութեան առանցքները՝ Հարաւային Կովկասի առկայ հրատապ խնդիրներու իրավիճակին մէջ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Գրիգորեան ուղեւորութեան առաջին փուլին Փարիզի մէջ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի՝ մայրցամաքային Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հարցերով խորհրդական Իզապել Տիւմոնի, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան տնօրէն Ֆրետերիք Մոնթոլոնի, Պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարական ծրագրաւորման վարչութեան պետի տեղակալ փոխ-ծովակալ Քրիստոֆ Լուքայի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին շօշափուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգային օրակարգի շարք մը հարցեր։ Արմէն Գրիգորեան վերահաստատեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու համար տարածաշրջանէն ներս անվտանգային միջավայրի ապահովման։
Արմէն Գրիգորեան Պերլինի մէջ ալ տեսակցեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Եէնս Փլէօթների, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Թոպիաս Լինտների, նոյն նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի, Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ հարցերով քաղաքական տնօրէն Մաթիաս Լիւթենպերկի հետ։ Գործադիր իշխանութեան այս դէմքերուն առընթեր Արմէն Գրիգորեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի՝ Պունտեսթակի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս։
Քննարկուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Արմէն Գրիգորեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասի առկայ անվտանգային մարտահրաւէրները եւ ընդգծեց անոնց հանգուցալուծման ուղղեալ Երեւանի տեսակէտներն ու ջանքերը։
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԱՅՑԸ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Լեհաստանի Լոց քաղաքը, ուր տեղի կ՚ունենայ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 29-րդ համաժողովը։ Այցելութեան շրջանակներէն ներս Միրզոյեան կ՚ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։