ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ՍՏՈՒԳՈՒՄ

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րէն խոյս տա­լով Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն զօ­րակ­ցե­լու հա­մար Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ստեղծուած յանձ­նա­խում­բը ար­դէն ձեռ­նար­կած է աշ­խա­տան­քի։ Գաղ­թա­կա­նաց յանձ­նա­խում­բը անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րած էր ա­ռա­ջին հեր­թին ա­պա­հո­վել վի­ճա­կագ­րա­կան ստոյգ տուեալ­ներ, մա­նա­ւանդ Եոզ­ղա­տի մէջ հաս­տա­տուած 72 ի­րա­քա­հայ գաղ­թա­կան­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այս շրջագ­ծով յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Եոզ­ղատ, ուր տե­սակ­ցե­ցան կու­սա­կալ Ապ­տիւլ­քա­տիր Եա­զը­ճըի հետ։ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բի կազ­մին մէջ էին Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան, Յով­սէփ Ար­զու­ման եւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի գրա­սե­նա­կէն Մու­թե­պէր Եըլ­մազ­ճան։ Կու­սա­կա­լին հետ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին ի­րենց շփում­նե­րու նպա­տա­կին շուրջ եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին գաղ­թա­կան­նե­րու նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար։ Ամ­փոփ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­նե­րէ վերջ, Ապ­տիւլ­քա­տիր Եա­զը­ճը ընդգ­ծեց, թէ ի­րա­քա­հայ գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցը ա­ռար­կայ է նաեւ ի­րենց ու­շադ­րու­թեան ու կը ջա­նան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու սահ­մա­նէն ներս ցու­ցա­բե­րել լա­ւա­գոյն օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը։

Կու­սա­կա­լէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ վերջ, գաղ­թա­կա­նաց յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Եոզ­ղա­տի մէջ հաս­տա­տուած ի­րա­քա­հայ գաղ­թա­կան­նե­րէն մէ­կուն բնա­կա­րա­նը, ուր տե­սակ­ցե­ցան ամ­բողջ խում­բին հետ։ Տէր Հայ­րը եւ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին ա­նոնց կա­րիք­նե­րուն շուրջ։

Եոզ­ղա­տի շփում­նե­րէն վերջ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ուշ ե­րե­կո­յեան վե­րա­դար­ձան Իս­թան­պուլ։

Միւս կողմէ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ կազմակերպուած ամանորեան հաւաքոյթին ընթացքին յայտնեց, թէ Եոզղատի մէջ հաստատուած իրաքահայ գաղթականները ընդհանրապէս չեն փափաքած գալ Իսթանպուլ։ Բացառութեամբ քանի մը հատէն, Եոզղատ մեկնած գաղթականաց յանձնախումբը ստուգած է, թէ իրաքահայ գաղթականները կը նախընտրեն մնալ այնտեղ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015