ՆՈՐՈՎԻ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Եւ ահա նոր տարի մը եւս... Նորովի հրճուանքի, ոգեւորութեան շրջան մը։ Այսօր մարդկութիւնը կ՚ողջունէ 2018 թուականը։ Ամանորը կը դիմաւորուի մեծ յոյսերով, դրական սպասումներով, մանաւանդ խաղաղ երկնքի հասարակաց մաղթանքով։

Վաղուան արշալոյսը նոր տարուան մը առաջին առաւօտը պիտի բանայ նաեւ հայաշխարհին առջեւ։ Ամբողջ հայութիւնը այս փուլին տոգորուած է լաւատեսութեամբ ու բարի ակնկալութիւններու մէջ է։ 2018 թուականը հարուստ է համազգային նշանակութեամբ յոբելեաններով։ Ուստի, հայութիւնը ամանորը կը թեւակոխէ այդ յոբելեաններու ուրախութեամբ. յոբելեաններ, որոնք հայ մարդուն ուշադրութիւնը հերթական անգամ կը թեքեն դէպի Հայաստան աշխարհ։ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը, քաղաքամայր Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակը եւ Մայիսեան հերոսամարտերու յոբելեանները։ Մեծ տօներու շրջան մը կը բնորոշէ յառաջիկայ տարին։

Նայիրեան աշխարհէն ներս ամանորը բերած է ցնծութիւն ու բոլորը կը մաղթեն ապրիլ անամպ երկնքի տակ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2017