«ՄԱՐԱԼ» ԵՐԳԻ-ՊԱՐԻ ՀԱՄՈՅԹԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ՝ ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը 2020 թուականի տարեմուտին առթիւ համախմբուեցաւ խրախճանքի մը մթնոլորտին մէջ։ Միութեան հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպուած այս աւանդական խրախճանքը իսկապէս փայլուն անցաւ եւ մարալցիները բարձր տրամադրութեամբ ողջագուրուեցան նոր տարիի մը սեմին։ Համոյթի թէ՛ բուն եւ թէ մանկապատանեկան կազմերու անդամները եւ վարչայինները մէկտեղուեցան նոր տարուայ մուտքին։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ միւս վարչայինները ջերմ վերաբերմունքով շնորհաւորեցին «Մարալ»ի բոլոր անդամներու Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։

Խրախճանքի յայտագիրը անակնկալներ կ՚ընդգրկէր մասնաւորապէս մանկապատանեկան կազմի անդամներուն համար։ Տղաքը զուարճացան հտպիտ Արման Քէօսէի մականին ներքեւ։ Խաղերու, երգերու եւ պարերու մթնոլորտին մէջ սրահ այցելեց նաեւ Կաղանդ պապուկը, որ բաժնեց նուէրներ։

«Մարալ»ի ընտանիքը նոր տարի մը եւս միասնաբար դիմաւորելու երջանկութիւնը ունեցաւ՝ մինչ բոլորը բաժնեցին անկեղծ բարեմաղթութիւններ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2019