ԱՆՓՈՓՈԽ ՈՒ ՅԱՄԱՌ ՊԱՀԱՆՋ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի անորոշութիւնը կը շարունակուի՝ մինչ տագնապալի կացութիւնը յաղթահարել հնարաւոր չ՚ըլլար։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր պարտութիւնով պայմանաւորուած կացութիւնը երկիրը դէմ յանդիման թողած է նոր սկիզբ մը ունենալու ստիպողութեան։ Համընդհանուր ըմբռնումով այդ նոր սկիզբի անխուսափելի նախապայմանն է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, սակայն ան շաբաթներէ ի վեր արդէն կը մերժէ այդ քայլը առնել՝ առաջ քշելով զանազան պատճառաբանութիւններ, որոնք բաւական հեռու են համոզիչ ըլլալէ։ Ընդդիմադիր ուժերու եւ հասարակութեան գերակշիռ մասի անփոփոխ ու յամառ պահանջը ներկայիս վարչապետի հրաժարականն է, սակայն, ըստ երեւոյթին, այդ փուլի հասունացման համար, բեկումնային պահուն հասնելու համար տակաւին որոշ ժամանակ սպասելու անհրաժեշտութիւն պիտի ըլլայ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը, որ խորհրդարանի երդիքին տակ ներկայացուած կամ ոչ, շուրջ երկու տասնեակ քաղաքական ուժ համախմբած է, ներկայիս կը շարունակէ իր պայքարը։ Վերջին օրերուն տեղի ունեցած իրերայաջորդ հանրահաւաքներէ, երթերէ, նստացոյցերէ, քաղաքացիական անհնազանդութիւններէ եւ այլ ցոյցերէ վերջ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը երէկ տարբեր հարթութեան մը վրայ դրաւ իր քայլերը։ Այսպէս, ան սկսաւ Երեւանի արուարձաններուն մէջ կազմակերպել երթեր։ Առաջին երթը սկսաւ Արաբկիր վարչական շրջանի «Վահագն Դաւթեան» այգիի մօտակայքէն ու շարունակուեցաւ մինչեւ Յատուկ քննչական ծառայութեան շէնքը։ Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները այս երթին ժամանակ հերթական անգամ շեշտեցին, որ ներկայ պահուն իրենց միակ պահանջն է Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ալ տեղի ունեցան ուշագրաւ իրադարձութիւններ։ Նիկոլ Փաշինեան, որ առանց հրաժարելու արտահերթ ընտրութիւններու ձեռնարկել կը ծրագրէ՝ յաջորդ քայլափոխին հնարաւորինս նպաստաւոր կացութիւն մը ապահովելու համար, խորհրդարանէ ներս հանդիպումներ ունեցաւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Այսպէս, ան զրուցեց «Լուսաւոր Հայաստան»ի երեսփոխաններէն Էտմոն Մարուքեանի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի պատգամաւորներէն Գագիկ Ծառուկեանի հետ։ Այս վերջինը, ինչպէս ծանօթ է, համանուն քաղաքական ուժի կուսակցապետն է։ Այս երկու հանդիպումներէն վերջ ալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն տրամադրուեցան զանազան մանրամասնութիւններ։ Մինչ, «Բարգաւաճ Հայաստան» Փաշինեանի հրաժարականին զուգահեռ կը պաշտպանէ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանը, ապա «Լուսաւոր Հայաստան»ի վարչապետի թեկնածուն է Էտմոն Մարուքեան։ Այս վերջինը Փաշինեանի հետ հանդիպելէ վերջ յայտնեց, որ իրենց օրակարգը կը շարունակէ մնալ անփոփոխ, իրենք կը պահանջեն վարչապետի հրաժարականը։ «Ինք մնայ իր պաշտօնին վրայ եւ երթանք խորհրդարանական ընտրութիւններու. մենք ըսած ենք, որ դէմ ենք այս բանին եւ հիմա ալ վերահաստատեցինք մեր դիրքորոշումը։ Այսինքն՝ ես ներկայացուցի իմ մօտեցումը, վարչապետը ներկայացուց իր մօտեցումը», ըսաւ Մարուքեան։ Բաց աստի, ան աւելցուց, որ ներկայ խորհրդարանը չի կրնար լուծուիլ՝ քանի տակաւին այս ուղղութեամբ հաւանութիւն չունին ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները։

Իր կարգին, Գագիկ Ծառուկեանն ալ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրուցելէ վերջ հանդէս եկաւ ամփոփ բացատրութիւններով։ «Իմ դիրքորոշումը չէ փոխուած, փափաքած է հանդիպիլ, ես չեմ մերժած, հանդիպած եմ։ Ես ըսի իմ դիրքորոշումը, ինչ որ հրապարակային ըսուած է։ Ես իր երեսին ըսած եմ, որ այս իրավիճակէն երկիրը հանելու համար անհրաժեշտ է իր հրաժարականը։ Միակ ելքը այս է», ըսաւ Ծառուկեան։

Իսկ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կապակցութեամբ Ծառուկեան ըսած է, որ այդ պարագային պէտք չէ ըլլալ ժամանակաւոր պաշտօնակատարներ։ «Երբ սա ընդունելի կ՚ըլլայ, մնացեալին մասին կը մանրամասնեմ», ըսաւ Ծառուկեան եւ չփափաքեցաւ յայտնել, թէ ի՛նչ պատասխանած է Փաշինեան։ «Իրեն հարցուցէք», ըսաւ ընդդիմադիր կուսակցապետը։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2020