ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Թուրքիա կողմնակից է երկարաժամկէտ կայունութեան ու խաղաղութեան։

Երէկ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Սոչի, ուր հիւրընկալւեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Օրերէ ի վեր թէ՛ Անգարայի եւ թէ Մոսկուայի աղբիւրները կը հաղորդէին, որ նախարարներու ժամադրութեան ընթացքին կ՚արծարծուի Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ ստեղծուած կացութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան հակամարտութեան գօտիէն ներս Թուրքիա-Ռուսաստան մշտադիտարկման համատեղ կեդրոնի ապագայ գործունէութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Երէկ իր ռուս պաշտօնակցին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Չավուշօղլու յոյս յայտեց, թէ այդ կեդրոնը կը ստեղծուի շուտով։ Իր կարգին, Լաւրովն ալ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը պէտք չէ օգտագործուի վարձկաններու՝ տարածքաշրջան ներթափանցման համար։ Ռուս նախարարը աւելցուց նաեւ, որ Մոսկուա կ՚ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի համաձայնութեան կատարման նպաստելու ուղղեալ Անգարայի ձգտումը։ 

Երկու նախարարները երէկ կանգ առին նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի մօտալուտ հաւանական հանդիպման նախապատրաստութիւններուն վրայ։ Ըստ Չավուշօղլուի, այդ հանդիպումը յաջորդ տարի տեղի կրնայ ունենալ Թուրքիոյ մէջ։

Սոչիի յայտարարութիւններուն ժամանակ Մեւլիւտ Չավուշօղլու խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու հաւանական կարգաւորման մասին։ «Ատրպէյճանի նախագահը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ձեռք երկարած է Հայաստանին՝ դրսեւորելով բարի կամք։ Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ եթէ ըլլայ կայուն խաղաղութիւն, ապա հնարաւոր կ՚ըլլայ կարգաւորել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ», ըսաւ Չավուշօղլու։

Սոչիի երէկուան բանակցութիւններուն զուգահեռ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի եւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի միջեւ ալ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը։ Կողմերը քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի վերականգնման վերաբերեալ հարցեր։ Միշուստին նախօրէին հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ տեղեկացնելով, որ Ռուսաստան եւ Թուրքիա կը հանդիսանան հրադադարի համաձայնութեան երաշխաւորները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2020