ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, ըստ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած կարգին, Հայաստանի նոր կառավարութեան անդամները երդուելով կոչուեցան պաշտօնի։ Հանրապետութեան նախագահի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, նախարարաց խորհուրդի անդամները երդուեցին բարեխղճօրէն կատարելու համար իրենց պարտականութիւնները։

Նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց՝ ի շահ երկրի հզօրացման եւ ի բարարօրութիւն ժողովուրդին։

Հարկ է նշել, որ սա նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ կառավարութեան անդամերուն երդման երկրորդ արարողութիւնն էր։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019