«ԿՐԵԹԱ ԹՈՒՆՊԵՐԿ» ԱՊՐԱՆՔԱՆԻՇ

Աշխարհին ծանօթ է շուէտուհի Կրեթա Թունպերկ, որ կը պայքարի աշխարհը պատուհասող բնապահպանական սպառնալիքին դէմ։ Ան իր շուրջ կը հաւաքէ հազարաւոր մարդիկ ու փողոց կ՚իջնէ պայքար մղելու համար։

Աշխարհահռչակ դարձած շուէտուհի այս դպրոցականը, նախընթաց տարի, յայտարարեց, որ կը հրաժարի ուրբաթ օրերը դպրոց երթալէ, այնքան ատեն, երբ բոլոր երկիրներու կառավարութիւնները լուրջ ուշադրութիւն դարձնեն աշխարհը կործանող բնապահպանական սպառնալիքին:

Շուէտացի բնապահպան-աքթիվիստ Կրեթա Թունպերկ իր անունը եւ դպրոցականներու միջազգային հասարակական շարժման անուանումը որպէս ապրանքանիշ արձանագրելու յայտ ներկայացուցած է: Ան այս մասին պատմած է իր Instagram-օգտահաշիւին մէջ։

«Այս գործողութիւնը անհրաժեշտ է շարժումը եւ անոր գործունէութիւնը պաշտպանելու համար», պատմած է Թունպերկ՝ աւելցնելով, որ յաճախ իր անունը եւ Fridays For Future (դպրոցական դասադուլներ յանուն կլիմայի, որոնք տեղի կ՚ունենան ամբողջ աշխարհի մէջ) շարժման անուանումը սկսած են օգտագործել ապօրինաբար, այդ կարգին նաեւ առեւտրային նպատակներով՝ առանց իր համաձայնութեան:

Ան նաեւ պատմած է այն դէպքերու մասին, երբ մարդիկ կը ներկայանան որպէս Կրեթա Թունպերկ, որպէսզի շփուին բարձրաստիճան անձերու, քաղաքական գործիչներու, զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ արուեստի գործիչներու հետ:

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2020