ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԱՄՆ-ԷՆ ՀԻՒՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի զօրքերու գլխաւոր հրամանատարը՝ Թատ Ուալթըրզ երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր օրուան տեւողութեան հիւրընկալեցին ամերիկացի բարձրաստիճան հրամանատարը։ Կը հաղորդուի, որ կողմերը կանգ առած են Սուրիոյ վերաբերեալ իրադարձութիւններուն վրայ։ Այսպէս, անդրադարձ կատարուած է շարք մը նուրբ նիւթերու՝ ներառեալ անվտանգ գօտին։

Իտլիպի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ Թուրքիոյ տեսակէտէ մտահոգիչ իրավիճակ մը յառաջացած է Սուրիոյ մէջ։ Այս առումով Անգարա տարակարծութիւններ ալ կ՚ապրի Մոսկուայի հետ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան հրամանատարի երէկուան այցելութեան առընթեր, զօրավար Եաշար Կիւլէր հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած է ի ռուս պաշտօնակցին՝ զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2020