ՆՈՐ ԷՄՈԺԻՆԵՐ

Unicode Consortium կազմակերութիւնը ցուցադրած է 117 նոր էմոժի, որոնք օգտատէրերու համար մատչելի կ՚ըլլան 2020 թուականի երկրորդ կէսին։

Ինչպէս նշած է Emojipedia-ն, այդ պատկերագիրերը կրնան օգտագործել, մասնաւորապէս, iOS-ի, Android-ի, WhatsApp-ի եւ Twitter-ի օգտատէրերը: Կայքէջը նշած է, որ կախեալ ըլլալով օգտագէրի հարթակէն, կրնայ անոնց տեսքը մի քիչ տարբերուիլ։

Նոր պատկերներու կարգին, մասնաւորապէս, կան ժպտացող դէմք՝ արցունքով, նինժա, մաթրուշքա, սիրտ՝ մօտաւորապէս մարդակազմութեան իսկականին, թոքեր, հապալաս, պուլկարական պղպեղ, սպիտակ արջ, փոկ եւ շատ այլ բաներ:

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2020