17 ՀԱԶԱՐ ԵՒՐՈՅԻ ՍԿԱՒԱՌԱԿ

The Beatles-ի՝ առաջին անգամ ձայնասփիւռէն հնչած սկաւառակը աճուրդի դրուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։  The Beatles բրիտանական ռաք-խումբի սկաւառակը՝ Love me do-ն, որ դարձած է խումբի՝ ձայնասփիւռով տրուած առաջին ձայնագրութիւնը, վաճառուեցաւ Անգլիոյ մէջ: Այդ մէկը աճուրդի հանեց Omega Auctions աճուրդներու տունը։

1962 թուականի հոկտեմբերի 5-ին Love me do-ն առաջին անգամ յայտնուած է Luxembourg անգլիալեզու առեւտրային ձայնասփիւռի կայանի եթերին վրայ, որ Լիւքսեմպուրկէն Բրիտանական կղզիներ կը հեռարձակէր 1933-1992 թուականներուն: Luxembourg-ի տի-ճէյը այն ժամանակ բրիտանացի Թոնի Փրինսն էր: 1977 թուականին ան տնօրէնն էր ձայնասփիւռի կայանի ծրագիրներու։ Կայանը փակուելէ յետոյ սկաւառակը մնաց անոր մօտ։ 

Փրինսի համաձայն՝ արդէն Luxembourg-ի շնորհիւ տեղի ունեցաւ խումբի վերելքը:

Աճուրդը տեղի ունեցաւ նախընթաց օր՝ յունուարի 28-ին Անգլիոյ արեւմուտքի Մերսիսայթի մէջ: Բրիտանական ռաք-խումբի սկաւառակը վաճառուած է 17 հազար եւրոյով։ Այս սկաւառակը ամբողջ աշխարհի հաւաքորդներու համար շատ կարեւոր ու հետաքրքրական ձայնագրութիւններէն մէկուն պատճէնն է: Ուշագրաւ է, որ Փոլ Մաքքարթնիի մականունը սկաւառակի վրայ սխալութիւնով տպագրուած է՝ «Մաքարթնի»:

Love me do երգը գրելու գաղափարը կը պատկանի Մաքքարթնիին: Երաժիշտը յայտնած է, որ զայն ստեղծած է, երբ 16 տարեկան էր, բայց այդ միջոցին բնաւ չէ զբաղած դպրոցական դասերուն հետ։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2020