ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան (ՀԼՄ) համագումարը։ «Էրեբունի փլազա» գործարար կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցեցաւ 92 պատուիրակ։ Յետքուէարկութեան ՀԼՄ-ի նախագահ վերընտրուեցաւ Սաթիկ Սէյրանեան, որ արդէն միակ թեկնածուն էր։ Սաթիկ Սէյրանեան, որ հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի յայտնի դէմքերէն մին է, գլխաւոր խմբագիրն է «www.168.am» կայքին ու համանուն թերթին։ Ան ծանօթ քաղաքական մեկնաբան մըն է, որ 2017 թուականի դեկտեմբերի 28-ին տեղի ունեցած համագումարէն ի վեր կը գլխաւորէ ՀԼՄ-ն։ Այդ ժամանակ ան 57 կողմ եւ 1 դէմ ձայնով կոչուած էր այս պաշտօնին, իսկ շաբաթավերջի համագումարին ժամանակ իրեն ի նպաստ քուէարկեցին մասնակից բոլոր՝ 92 պատուիրակները։

ՀԼՄ-ի 13-րդ համագումարի աւարտին, նախագահ վերընտրուելէ վերջ Սաթիկ Սէյրանեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ ՀԼՄ-ին անդամակցած են մեծ թիւով աշխոյժ, գործող լրագրողներ, ինչպէս նաեւ երիտասարդներ, որոնք երէց սերունդի մամլոյ սպասաւորներուն հետ նստած էին նոյն դահլիճին մէջ, կը շփուէին իրարու հետ եւ քննարկումներ կ՚իրականացնէին։

Շաբաթավերջի համագումարին ժամանակ, միեւնոյն ժամանակ, ընդունուեցաւ ՀԼՄ-ի նոր կանոնադրութիւնը։ Սաթիկ Սէյրանեան այս հիման վրայ յայտնեց, որ պիտի փորձեն արագ ձեւով ստեղծել կարգաւորիչ մարմինները։ «ՀԼՄ չունի էթիք մասնագիտական կանոնագիրք մը եւ պէտք է մասնագիտական ուժերու ներգրաւումով ստեղծել այդ մարմինը։ Իրաւաբաններու օգնութեամբ համապատասխան փաստաթուղթին վրայ պիտի սկսին աշխատանքները», ըսաւ վերընտրեալ Սաթիկ Սէյրանեան։

Միւս կողմէ, իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեանն ալ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՀԼՄ-ի շաբաթավերջի համագումարին ժամանակ։ Ան նաեւ յայտնի հրապարակագիր մըն է։ Աւետիք Իշխանեանի խօսքով՝ լրագրողներու դէմ ճնշումները պիտի շարունակուին՝ որքան ատեն, որ չըլլայ քաղաքական լուրջ դիմադրութիւն մը։

Երկուշաբթի, Յունուար 31, 2022