«ՍԵՂՄԵԼ ԱՏԱՄՆԵՐԸ»

Մինչ Արցախի պաշարումը շուրջ 50 օրէ ի վեր կը շարունակուի՝ մարդասիրական ծանրածանր հետեւանքներով, Լեռնային Ղարաբաղի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ամէն օր շփումներ կ՚ունենայ ժողովուրդին հետ։ Ան երէկ հանրային հանդիպումներ ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ։ «Եթէ մենք կ՚ուզենք, որ Ատրպէյճան Արցախը հայաթափելու ուղղեալ իր ծրագրերուն մէջ չյաջողի, ապա ունինք մէկ ճանապարհ՝ սեղմել ատամներն ու յառաջ ընթանալ։ Ու այս բանը կրնանք ընել միայն համախմբման միջոցաւ», ըսաւ Ռուբէն Վարդանեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023