ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի (CCAF) հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րէն Մու­րատ Փա­փա­զեան յայ­տա­րա­րեց, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան գտնուի­լը կը նշա­նա­կէ Սփիւռ­քի մէկ մա­սին ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Մու­րատ Փա­փա­զեան նշեց, թէ լաւ ե­րե­ւոյթ մըն է՝ հա­մա­հայ­կա­կան բնոյ­թով այդ կու­սակ­ցու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ներգ­րա­ւուած ըլ­լա­լը։ Բաց աս­տի, «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մու­րատ Փա­փա­զեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ֆրան­սա­յի բո­լոր մեծ քա­ղաք­նե­րուն մէջ զա­նա­զան ցոյ­ցեր եւ ձեռ­նարկ­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին։ Փա­րի­զի մէջ նա­խա­տե­սուած ո­գե­կո­չու­մը այս տա­րի եւս կը կազ­մա­կեր­պուի CCAF-ի եւ Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Այս տա­րուան կար­գա­խօ­սը պի­տի ըլ­լայ՝ «Ար­դա­րու­թեան քայ­լար­շաւ»։ Ըստ ի­րեն, ո­չինչ վեր­ջա­ցած է ան­ցեալ տա­րի նշուած 100-րդ տա­րե­լի­ցով։

Մու­րատ Փա­փա­զեա­նի խօս­քե­րով, Ֆրան­սա­յի մէջ հայ հա­մայն­քին ա­ռըն­թեր աշ­խա­տանք կը ծա­ւա­լէ նաեւ Թուր­քիան։ Ըստ ի­րեն, տեղ­ւոյն հայ­կա­կան եւ թրքա­կան հա­մայնք­նե­րուն մի­ջեւ կայ քա­ղա­քա­կան մրցակ­ցու­թիւն մը։ Փա­փա­զեա­նի բա­նա­ձե­ւու­մով, թուր­քե­րու հետ քա­ղա­քա­կան մրցակ­ցու­թեան մէջ հայ հա­մայն­քը տկար չէ, ան լուրջ գոր­ծօն մըն է ու ներ­կա­յիս Ատր­պէյ­ճա­նի հետ զգա­լի մի­ջոց­ներ կը ներդ­րուին՝ հա­կա­հայ­կա­կան քա­րոզ­չու­թեան նպա­տա­կով։

Մու­րատ Փա­փա­զեան մատ­նան­շեց նաեւ, թէ նոր բա­նա­ձե­ւի մը հար­ցին շուրջ ի­րենք ու­նին Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Մու­րատ Փա­փա­զեան յի­շե­ցուց Տո­ղու Փե­րին­չէ­քի գոր­ծը եւ ը­սաւ. «Ի­րա­ւա­կան խնդիր ու­նինք՝ կա­պուած խօս­քի ա­զա­տու­թեան հետ եւ ինչ­պէս գի­տէք, Փե­րին­չէ­քի դա­տա­վա­րու­թեան ժա­մա­նակ շեշ­տը դրուե­ցաւ այդ մէ­կուն վրայ։ Այժմ պէտք է այն­պէս մը ը­նել, որ նա­խա­գի­ծը ի­րա­ւա­կան ա­մուր հիմ­քե­րու վրայ ըլ­լայ»։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Մու­րատ Փա­փա­զեան մատ­նան­շեց, թէ գաղ­թա­կան­նե­րու ճգնա­ժա­մին բե­րու­մով Թուր­քիա նոր կա­րե­ւո­րու­թիւն ստա­ցած է Եւ­րո­միու­թեան տե­սա­կէ­տէ եւ սա կրնայ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել հայ­կա­կան հար­ցին վրայ։ Հա­ւա­նա­բար փորձ կրնայ կա­տա­րուիլ՝ դան­դա­ղեց­նել հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ գոր­ծըն­թա­ցը, բայց ֆրան­սա­հա­յու­թիւ­նը կը հե­տե­ւի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2016