ՊԱՂԱՐԻՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան հեռաձայնով կապուեցաւ «Լոյս» համացանցային հեռուստաժամէն ուղիղ եթերով սփռուած ծրագրին, որու ընթացքին հերթական անգամ խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ ընտրութեան առկայ հարցին շուրջ։ Ընդհանուր առմամբ պաղարիւն արժեւորումով մը հանդէս եկաւ Նորին Սրբազնութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Իսթանպուլ ժամանումը նախատեսուած է այս Կիրակի յետմիջօրէին։ Ուրեմն, թէ՛ երէկուան հեռուստաժամի ընթացքին իր կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները եւ թէ երէկ երեկոյեան իր կողմէ Քէօլնէն հրապարակուած զեկոյցը (թրքերէն բնագիրը ամբողջութեամբ տեսնել յարակից սիւնակին մէջ) ընտրեալ-տեղապահի ժամանման ընդառաջ ազդանշաններ տուին իր տրամադրութիւններուն մասին։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան տեղեկացուց, որ Գումգաբուի մէջ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն մը կը կազմակերպուի իրեն համար։ Ան յոյս յայտնեց, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ տեսակցելով, առկայ խնդիրները եղբայրական ոգիով քննարկելով՝ կրնան լուծել հարցերը։
Միեւնոյն ժամանակ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան տեղեկացուց, որ Կիրակի Իսթանպուլ հասնելէ միջոց մը վերջ դարձեալ կարճ շրջանի մը համար պիտի մեկնի արտասահման։ Ան Ծաղկազարդի տօնին օրը պիտի գտնուի Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ, ուր Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ տեղւոյն Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի յոբելեանին առթիւ։ Հարկ է նշել, որ այդ յոբելեար երգչախումբին հիմնադիրն ու վարիչն է նախկին պոլսահայ յայտնի արուեստագէտ մաէսթրօ Խաչիկ Եըլմազեան։