ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Արցախի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենան ընտրութիւններ։ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածքին ժողովուրդը քուէատուփին մօտ կը փութայ՝ պաշտօնի կոչելու համար երկրի նոր նախագահն ու խորհրդարանը։ Տասն տարուան պաշտօնավարութեան շրջանէ մը վերջ, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան երկրին ղեկը կը յանձնէ իր յաջորդին։ Հերթական ընտրութիւններուն առթիւ, Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածքին առընթեր, ընտրատեղամաս մըն ալ կը գործէ Երեւանի մէջ։ Արցախի ներկայացուցչութենէն ներս կը գործէ այդ ընտրատեղամասը, ուր կը քուէարկեն Արցախի այն քաղաքացիները, որոնք կը գտնուին Հայաստանի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մըն ալ որպէս դիտորդ կը հետեւի Արցախի ընտրութիւններուն։

Միջազգային պատկան շրջանակներն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւին Արցախի քուէարկութեան։ Այս մթնոլորտին մէջ Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ արտայայտեց իր վերաբերմունքը Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւններուն կապակցութեամբ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը եւ տեղեկացուց, որ Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւնները կը համարէ միջազգային իրաւունքի դէմ ակնյայտ ոտնձգութիւն։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան գործընթացի շրջանակին մէջ բանակցութիւններու շարունակման ներկայ փուլին կազմակերպուած այս ընտրութիւնները, Թուրքիոյ մօտեցումով, կը կացինահարեն մշտական լուծման ու խաղաղութեան ուղղեալ ջանքերը։ Թուրքիա ապօրինի կը նկատէ այս ընտրութիւնները, որոնք նոր ոտնձգութիւն մը կը համարուին Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան դէմ։

Անգարայի այս յայտարարութեան անմիջապէս հակազդեց նաեւ Երեւան։ Այս առաւօտ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, Հայաստան Թուրքիոյ յայտարարութիւնը կը համարէ հայ ժողովուրդի դէմ թշնամական քաղաքականութեան հերթական արտայայտութիւնը։ Երեւան կը յիշեցնէ, թէ Արցախի ընտրութիւնները ոչ միայն չեն հակասեր, այլեւ կը բխին խաղաղ կարգաւորման տրամաբանութենէն եւ անոր հիմքին դրուած փաստաթուղէն։ Արդարեւ, ԵԱՀԿ-ի փաստաթուղթերուն մէջ, Մինսքեան գործընթացի պարագային յղում կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի ընտրեալ ներկայացուցիչներուն՝ որպէս այդ գործընթացի մասնակից։ Ուստի, ընտրեալ ներկայացուցիչներ ունենալու համար ընտրութիւններ պէտք է կատարուին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է Թուրքիոյ կողմէ տասնամեակներէ ի վեր ցամաքային շրջափակման գործադրութիւնը եւ ցուցաբերուած աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի դէմ սանձազերծուած նախայարձակ ու վայրագ գործողութիւններուն՝ ներառեալ 2016 թուականի ապրիլը։  

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020