ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՍԳԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Թուր­քիա ե­րէկ դար­ձեալ մեծ ցաւ ապ­րե­ցաւ նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով, ո­րոնք այս ան­գամ հա­սան Վա­նէն, Շըր­նա­քէն եւ Սի­լո­փիէն։

Վա­նի մէջ ձե­ռա­կերտ ռումբ մը պայ­թե­ցուե­ցաւ եւ այս դէպ­քին հե­տե­ւան­քով եր­կու ոս­տի­կան նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Շըր­նա­քի մէջ ալ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ բա­ցուած կրա­կին զոհ գնաց ոս­տի­կան մը՝ յա­տուկ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու խում­բէն։ Իսկ Սի­լո­փիի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ոս­տի­կա­նա­կան ինք­նա­շար­ժի մը եր­թե­ւե­կու­թեան ճա­նա­պար­հին վրայ պայ­թե­ցուե­ցաւ ռումբ մը։ Չորս քա­ղա­քա­ցի­ներ զոհ գա­ցին այս դէպ­քին։ Նոյն պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուե­ցաւ քսա­նե­րեք հո­գի՝ հին­գը ոս­տի­կան։

Միւս կող­մէ, անվ­տան­գու­թեան ու­ժերն ալ ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կեն պայ­քար մղել ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը ազ­դու գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րած են ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Ոչն­չա­ցուած են ա­նոր հինգ թի­րախ­նե­րը։ Բաց աս­տի, Մար­տի­նի Նու­սայ­պին գա­ւա­ռա­կին մէջ չորս թա­ղա­մա­սե­րէ ներս ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին սպան­նուած է ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան շրջա­նի պա­տաս­խա­նա­տուն։

Միւս կող­մէ, թրքա­կան զօր­քե­րը կը շա­րու­նա­կեն թնդա­նօթ­նե­րով հա­րուած հասց­նել նաեւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ, ո­րու 58 թի­րախ­նե­րը ոչն­չա­ցուած են վեր­ջին օ­րե­րուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016