ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր յայտարարեց, թէ միջազգային որեւէ հակամարտութիւն չի կրնար լուծուիլ առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան։ Երէկ, Շթայնմայէր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պերլինի մէջ կազմակերպուած Գերմանիա-Ռուսաստան համաժողովին ընթացքին։ Այս առթիւ գերմանացի նախարարը յայտնեց, որ Պերլին պէտք է ամէն ինչ ընէ՝ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը թուլացնելու եւ անոր հետ երկխօսութիւնը կարգաւորելու համար՝ միեւնոյն ժամանակ շարունակելով պաշտպանել իր դիրքերը։ Շթայնմայէր ընդգծեց, թէ ոչ ոք շահագրգռուած է Ռուսաստանի տնտեսութեան թուլացմամբ։
Իր խօսքին մէջ Շթայնմայէր անդրադարձաւ նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն։ Ըստ իրեն, այդ պատժամիջոցները ինքնանպատակ չեն ու չեն համարուիր գործընկերը ծունկի բերելու միջոց։
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ կ՚աճին դաշինքին անդամ եւրոպական երկիրներուն պաշտպանական ծախսերը։