ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի տե­ղա­կան մար­մին­նե­րու ան­դամ­նե­րուն հետ։ Ան այս առ­թիւ յայտ­նեց, թէ վեր­ջին շրջա­նին աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րէն հա­յեր ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին Ար­ցա­խին հա­մար՝ Ապ­րի­լի սկիզ­բին տե­ղի ու­նե­ցած քա­ռօ­րեայ լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն ուղ­ղած խօս­քին մէջ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան շեշ­տեց, թէ ներ­կա­յիս հայ ժո­ղո­վուր­դի գլխա­ւոր խնդի­րը կը հա­մա­րուի Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը։

Նա­խա­րա­րի ե­լոյ­թին ա­ռըն­թեր ցու­ցադ­րուե­ցաւ տե­սո­ղա­կան մը, ո­րով ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Սփիւռ­քի մէջ Ար­ցա­խի ի նպաստ ձեռ­նար­կուած շար­ժու­մը։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա Վար­դա­նեան։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016