ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

«Երգող Արցախ» մանկապատանեկան ծրագիրը կ՚իրականացուի Ստեփանակերտի մէջ։ Այսպէս, 26 յուլիս-31 օգոստոս թուականներու միջեւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Երգող Արցախ» խորագիրով համաարցախեան մանկապատանեկան երգչախմբային ծրագիրը: Սոյն նախաձեռնութեան կրնան մասնակցիլ 10-15 տարեկան մանուկներ եւ պատանիներ: Ծրագիրը կը տեւէ մէկ ամիս, ամէն օր առաւօտեան ժամը 11-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1-ը, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:

Այս ծրագիրի ղեկավարն է Շուշիի «Վարանդա» մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քեշիշեան:

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021