ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ԿՈՉԵՐ

Մինչ Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը, շա­բա­թա­վեր­ջին կա­րե­ւոր հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի, Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի մի­ջեւ։ Ե­րեք ղե­կա­վարն­ե­րը այս հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին որ­պէս հիմ­նա­կան նիւթ անդ­րա­դար­ձան Ուք­րայ­նոյ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին եւ Մինս­քի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։

Քրեմ­լի­նի կող­մէ կա­տա­րուած հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Պի.Պի.Սի.» տե­ղե­կա­ցուց, թէ Անկելա Մեր­քէլ, Ֆրանսուա Օ­լանտ եւ Վլատիմիր Փու­թին Ուք­րայ­նոյ հա­կա­մարտ կող­մե­րուն կոչ ուղ­ղած են, որ­պէս­զի վա­ղուան՝ Սեպ­տեմ­բեր 1-ի դրու­թեամբ ամ­բող­ջա­կան հրա­դա­դար մը ի­րա­կա­նաց­նեն։

Բաց աս­տի, քննար­կուած է կող­մե­րու շփման գի­ծէն սար­քա­ւո­րում­նե­րու դուրս­բեր­ման հար­ցը։ Վլա­տի­միր Փու­թին ընդգ­ծած է ուղ­ղա­կի երկ­խօ­սու­թեան մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ Քիե­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ Լու­կանս­քի եւ Տո­նեց­քի ինք­նահռ­չակ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015