ՁԱԽՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի ող­բեր­գա­կան մթնո­լոր­տին մէջ Քո­պա­նիէն խոյս տա­լով Թուր­քիա ան­ցած եւ Սու­րու­չի գաղ­թա­կա­նաց ճամ­բա­րին մէջ ա­պաս­տան գտած ե­րեք հայ ըն­տա­նիք­նե­րէն եր­կու­քին ո­դի­սա­կա­նը կը շա­րու­նա­կուի՝ Հա­յաս­տան հաս­նե­լու ուղ­ղեալ ջան­քե­րու ճա­նա­պար­հին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Թով­մա­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը ե­րէկ Իս­թան­պու­լէն Ե­րե­ւան պի­տի մեկ­նէին՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Դժբախ­տա­բար վեր­ջին պա­հուն պա­տա­հած ձա­խոր­դու­թիւն­ներ պատ­ճառ դար­ձած են, որ Իս­թան­պու­լէն դէ­պի Ե­րե­ւան ա­նոնց ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը յե­տաձ­գուի Չո­րեք­շաբ­թի օ­րուան։ Ըստ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին կող­մէ փո­խան­ցուած տուեալ­նե­րուն, ե­րէկ, օ­դա­կա­յա­նին մէջ ծա­գած են փաս­տա­թուղ­-թե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Ե­րե­ւա­նի «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նի ժա­մա­նման սրա­հին մէջ ալ ե­րէկ ապ­րուե­ցան յու­զիչ տե­սա­րան­ներ։ Այս­պէս, խումբ մը նախ­կին քո­պա­նե­ցի­ներ, ո­րոնք 1960-ա­կան­նե­րուն ուշ ներ­գաղ­թի ժա­մա­նակ Սու­րիա­յէն մեկ­նած էին Սո­վե­տա­կան Հա­յաս­տան, ե­րէկ օ­դա­կա­յան փու­թա­ցած էին դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րը։ Այս վեր­ջին­նե­րը Սու­րիա­յէն Թուր­քիա անց­նե­լէ վերջ ե­րէկ պէտք է հաս­նէին Հա­յաս­տան՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Սա­կայն, վեր­ջին պա­հուն յա­ռա­ջա­ցած ձա­խոր­դու­թիւ­նը մեծ յու­սա­խա­բու­թիւն պատ­ճա­ռեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի Թով­մա­սեան­նե­րուն։

Խան­ճեան գիւ­ղի բնա­կիչ 60-ա­մեայ Վար­դու­հի Թով­մա­սան-Փո­լա­տեան եւ իր փոքր քոյ­րը 1960-ա­կան­նե­րուն ներ­գաղ­թած են Քո­պա­նիէն։ Ա­նոնք Քո­պա­նիի մէջ ձգած են ի­րենց ե­րեք եղ­բայր­ներն ու ըն­տա­նիք­նե­րը։ Ներ­գաղ­թե­լէ վերջ միայն եր­կու ան­գամ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած են այ­ցե­լե­լու Սու­րիա եւ տես­նե­լու զա­նոնք։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սա­կայն, Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով խզուած է ա­նոնց կա­պը։ Խորհրդա­յին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թած Թով­մա­սեան­նե­րուն եւ գեր­դաս­տա­նի Սու­րիոյ մէջ մնա­ցած ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ խզուած են շփում­նե­րը։ Հա­յաս­տան հա­սած զա­նա­զան լու­րե­րը, ըստ ո­րոնց ըն­տա­նի­քը ա­պա­հով վայ­րի մը մէջ չէր գտնուեր, ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը գրա­ւած էին ա­նոնց բնա­կած քա­ղա­քը եւ ժո­ղո­վուր­դը դուրս դրած՝ ի­րենց տու­նե­րէն, Հա­յաս­տա­նի Թով­մա­սեան­նե­րուն պատ­ճա­ռած են ան­հանգս­տու­թիւն եւ զա­նոնք մղած՝ մտա­հո­գիչ սպա­սու­մի մը։ Վար­դու­հի Թով­մա­սեան-Փո­լա­տեան եւ իր որ­դի­նե­րը այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ապ­րած են տագ­նա­պա­լի օ­րեր։ Ա­նոնք խոր սու­գի մատ­նուած են տե­ղե­կա­նա­լով, որ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը Քո­պա­նիի շրջա­նին մէջ գլխա­տած է ի­րենց 45-ա­մեայ հա­րա­զա­տը՝ Յով­սէփ Թով­մա­սեա­նը։ Այս վեր­ջի­նը Վար­դու­հի Թով­մա­սեան-Փո­լա­տեա­նի կրտսեր եղ­բայրն էր։ Ի­րենց ցա­սու­մը ա­ւել­ցած է նաեւ այն տուեա­լին լոյ­սին տակ, թէ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը Յով­սէփ Թով­մա­սեա­նը գլխա­տած են ներ­կա­յու­թեամբ ա­նոր 12-ա­մեայ որդ­ւոյն՝ Ա­րամ Թով­մա­սեա­նի։

Մե­զի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Վար­դու­հի Թով­մա­սեան չա­փա­զանց յու­զուած էր։ Ան մէկ կող­մէ կը սգար իր սպան­նուած եղ­բօր մա­հը, իսկ միւս կող­մէ ան­տե­ղեակ էր իր մնա­ցեալ եղ­բայր­նե­րուն եւ ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն ճա­կա­տագ­րէն։ Որ­քան որ ալ իր որ­դի­նե­րը եւ շուր­ջին­նե­րը կը փոր­ձէին զին­քը հան­դար­տեց­նել՝ ը­սե­լով, թէ միւս եղ­բայր­նե­րը ողջ են ու շու­տով պի­տի ժա­մա­նեն Հա­յաս­տան, ան կը դժուա­րա­նար հա­ւա­տալ։ Վար­դու­հի Թով­մա­սեան-Փո­լա­տեան կը փա­փա­քէր այ­լեւս ժամ ա­ռաջ սե­փա­կան աչ­քով տես­նել իր հա­րա­զատ­նե­րը եւ ող­ջա­գու­րուիլ ա­նոնց հետ։ Ար­դա­րեւ, ան աննկա­րագ­րե­լիօ­րէն կա­րօտ­ցած էր իր հա­րա­զատ­նե­րը, ո­րոնք պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ա­մէն ին­չը։

Մեղք որ Թով­մա­սեան­նե­րուն Հա­յաս­տան ժա­մա­նու­մը ե­րէկ յե­տաձ­գուե­ցաւ կարգ մը փաս­տա­թուղ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ նրբու­թիւն­նե­րու բե­րու­մով։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մե­զի յայտ­նեց, որ ըն­տա­նի­քի կարգ մը ան­դամ­ներ ուշ հա­սած են օ­դա­կա­յան, փաս­տա­թուղ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ յա­ռա­ջա­ցած են այն­տեղ, միւս­նե­րուն ի­րե­րը ետ տրուած են։ Յոյս կայ, որ մին­չեւ յա­ռա­ջի­կայ Չո­րեք­շաբ­թի լու­ծուին հար­ցե­րը եւ Թով­մա­սեան­նե­րը հաս­նին Հա­յաս­տան։

Թուր­քիա ա­պաս­տա­նած ե­րեք ըն­տա­նիք­նե­րէն եր­կու­քը սկզբնա­կան փու­լին փա­փաք յայտ­նած էին Հա­յաս­տան մեկ­նե­լու։ Վեր­ջին պա­հուն սա­կայն Թով­մա­սեան եղ­բայր­նե­րէն մէ­կուն ըն­տա­նի­քը փո­խած է մտադ­րու­թիւն եւ ո­րո­շած՝ միա­նալ միւս հա­րա­զատ­նե­րուն։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ ե­րէկ ա­նոնց ճամ­բոր­դու­թիւ­նը չէ ի­րա­կա­նա­ցած։ Ծա­նօթ է, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այդ ըն­տա­նիք­նե­րու այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էր Սու­րու­չի գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ եւ երբ ա­նոնք փա­փաք յայտ­նած էին Հա­յաս­տան փո­խադ­րուե­լու, ան դի­մած էր Ան­գա­րա­յի եւ Ե­րե­ւա­նի պատ­կան մար­մին­նե­րուն, որ­պէս­զի հնա­րա­ւոր ըլ­լար օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րել ա­նոնց։

Հա­յաս­տա­նի մէջ սու­րիա­հայ գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցե­րով կը զբա­ղի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։ Ե­րէկ ա­ռիթն ու­նե­ցանք զրու­ցե­լու նաեւ նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Լե­ւոն Ան­տո­նեա­նի հետ, որ օ­դա­կա­յան փու­թա­ցած էր Թով­մա­սեան­նե­րը դի­մա­ւո­րե­լու։ Ան մե­զի տե­ղե­կա­ցուց, թէ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը «Ա­ռա­քե­լու­թիւն Հա­յաս­տան» կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջո­ցով լու­ծած է Թով­մա­սեան­նե­րու սկզբնա­կան կա­ցա­րա­նի հար­ցը։ Ա­նոնք պի­տի տե­ղա­ւո­րուին Ե­րե­ւա­նի Եր­րորդ գիւղ ա­րուար­ձա­նին մէջ։ Խան­ճեան գիւ­ղի բնա­կիչ ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րը նոյն­պէս փա­փաք յայտ­նած են զա­նոնք հիւ­րըն­կա­լե­լու, սա­կայն Ար­մէն Փո­լա­տեան, ո­րու քե­ռի­ներն են Թով­մա­սեան­նե­րը, մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց, թէ ի­րենց հա­մար դժուար պի­տի ըլ­լայ հո­գալ 18 հո­գիի ծախ­սը։ Յա­մե­նայն­դէպս, ա­նոնք պատ­րաստ են ի­րենց յար­կին տակ տեղ տրա­մադ­րե­լու Թով­մա­սեան­նե­րուն, ե­թէ ու­րիշ այ­լընտ­րանք մը չգտնուի։

Ար­մէն Փո­լա­տեան մե­զի դի­տել տուաւ նաեւ, որ իր քե­ռի­նե­րէն մին 1990-ա­կան թուա­կան­նե­րու սկիզ­բին այ­ցե­լած էր Հա­յաս­տան՝ հաս­տա­տուե­լու նպա­տա­կով, սա­կայն ա­ւե­լի վերջ յար­մա­րե­լու դժուա­րու­թեամբ ո­րո­շած էր վե­րա­դառ­նալ Քո­պա­նի։ «Ե­րա­նի մնա­ցած ըլ­լար այս­տեղ, հրա­շա­լի ար­հես­տա­ւոր մըն է, հի­մա տեղ մը հա­սած պի­տի ըլ­լար, մինչ­դեռ այ­սօր ան կու գայ ա­մէն ին­չը կորսն­ցու­ցած ըլ­լա­լով», ը­սաւ Ար­մէն Փո­լա­տեան։

Հա­յաս­տա­նի Թով­մա­սեան­նե­րը հի­մա խոր յու­զու­մով եւ ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն, որ­պէս­զի Չո­րեք­շաբ­թի օ­րուան թռիչ­քով Ե­րե­ւան հաս­նին ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015