ՃԱՐՏԱՐԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ

Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ հիմ­նադ­րուած «Ա­նու­շա­ւան Աբ­րա­հա­մեան» կրթա­կան հիմ­նադ­րա­մը, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով իր ա­ռա­քե­լու­թեան, քայլ մը եւս ա­ռաւ Հա­յաս­տա­նի շրջան­նե­րու ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­պա­գա­յի կերտ­ման ճամ­բուն վրայ:

Հիմ­նադ­րա­մին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Տե­ղե­կա­տուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեանց ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու միու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եր­կու ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ բա­ցուե­ցան ճար­տա­րա­գի­տա­կան աշ­խա­տա­նոց­ներ: Ա­ռա­ջի­նը՝ Ար­մա­ւի­րի Ճար­տա­րա­րուես­տի ման­կա­վար­ժա­կան պե­տա­կան դպրո­ցին մէջ, իսկ երկ­րոր­դը՝ Մա­րա­լի­կի Պե­տա­կան ար­հես­տա­գոր­ծա­կան ու­սում­նա­րա­նին մէջ:

Այս ծրա­գի­րին մի­ջո­ցով ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռիթ կ՚ու­նե­նան ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մա­կարգ­չա­յին ծրագ­րա­ւոր­ման, ե­ռա­չափ տպագ­րու­թեան, մար­դա­մե­քե­նա­նե­րու նա­խագծ­ման, ստեղ­ծու­մին ու կա­ռա­վար­ման ծալ­քե­րը: Այս մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րը աշ­խա­տան­քի ա­ռիթ­ներ գտնե­լու նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծեն, քա­նի որ ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեանց  ո­լոր­տը նոր մաս­նա­գէտ­նե­րու մեծ պա­հանջ ու­նի:

Սեպ­տեմ­բե­րին պի­տի սկսին ա­ռա­ջին դա­սըն­թացք­նե­րը, ո­րոնք պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին անվ­ճար՝ ներգ­րա­ւե­լով ու­սա­նող­նե­րու ա­ւե­լի լայն շրջա­նակ: Աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ ծա­ւա­լուե­լիք հե­տա­գայ դա­սըն­թացք­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան կեր­պով պի­տի քա­ջա­լե­րուին Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ, ո­րով­հե­տեւ այս բա­ցա­ռիկ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կը դի­տուի իբ­րեւ մտա­յին կա­րո­ղու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հա­մադ­րու­մի գե­րա­զանց օ­րի­նակ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2016