ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան աշ­խա­տան­քա­յին ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Գեր­մա­նիա եւ Սլո­վա­քիա։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Գեր­մա­նիոյ Փո­տըս­տամ քա­ղա­քին մէջ Նալ­պան­տեան վա­ղը պի­տի մաս­նակ­ցի ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ան­պաշ­տօն ժո­ղո­վին։ Ծա­նօթ է, որ Գեր­մա­նիա ներ­կա­յիս ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կիրն է։

2-3 Սեպ­տեմ­բե­րին ալ Սլո­վա­քիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պրա­թիս­լա­ւա­յի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եւ այս վերջ­նոյն Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն հան­դի­պու­մը։ Պրա­թիս­լա­ւա­յի այս ժո­ղո­վին պի­տի մաս­նակ­ցի նաեւ Նալ­պան­տեան։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2016