ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ՝ ԳԱՐՆԱՆ

Ի­տա­լիոյ երկ­րա­շար­ժէն ծանր վնաս­ներ կրած Ա­մաթ­րի­չէ քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պետ Սեր­ճիօ Փի­րո­ցի խոս­տա­ցած է, որ երկ­րա­շար­ժին պատ­ճա­ռով տա­նի­քէ զրկուած բնա­կիչ­նե­րը վրա­նա­յին ա­ւա­նին մէջ մէկ ա­մի­սէն ա­ւե­լի պի­տի չմնան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի ո­րո­շուի եւ փայ­տա­շէն տու­ներ տե­ղադ­րե­լու հա­մար պի­տի յատ­կա­ցուի անվ­տանգ տա­րածք, ուր ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս պի­տի բնա­կին երկ­րա­շար­ժէն վնա­սուած­նե­րը:

«Ես կը պնդեմ, որ փայ­տա­շէն տու­նե­րը հա­ւա­քուին քա­ղա­քէն ոչ հե­ռու: Մար­դիկ պէտք է ի­րենց տու­նե­րուն մօտ ըլ­լան, ի­րենց հո­ղին վրայ», ը­սած է Փի­րո­ցի:

Փայ­տա­շէն տու­նե­րը, ո­րոնք ա­ռա­ւել անվ­տանգ են երկ­րա­շարժ­նե­րու վտան­գին տե­սա­կէ­տէն, տե­ղադ­րուած էին եօթ տա­րի ա­ռաջ երկ­րա­շար­ժէն ամ­բող­ջո­վին քան-դուած Օն­նա ա­ւա­նին մէջ:

Ի­տա­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր կար­գին յայ­տա­րա­րած է, որ ա­ւե­րուած քա­ղաք­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մը պի­տի սկսի յա­ռա­ջի­կայ գար­նան: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ընդգ­ծած են, որ քան­դուած բնա­կա­վայ­րե­րու ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգ­նու­մը կը նա­խընտ­րեն նոր քա­ղաք­նե­րու կա­ռու­ցու­մէն:

Ըստ ի­տա­լա­կան «Քոր­րիե­րէ տել­լա Սե­րա» օ­րա­թեր­թին, 40 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րած­քով փայ­տա­շէն տու­նե­րը պի­տի ար­ժեն 55 հա­զար եւ­րօ: Ըն­դա­մէ­նը կ՚են­թադ­րուի տե­ղադ­րել 35 մի­լիոն եւ­րօ ընդ­հա­նուր ար­ժո­ղու­թեամբ եօթ հա­րիւր տուն:

Օ­րա­թեր­թը կը հա­ղոր­դէ, որ Ի­տա­լիոյ Վար­չա­պետ Մա­թէօ Ռեն­ցի երկ­րա­շար­ժին հե­տե­ւանք­նե­րը վե­րաց­նե­լու հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ խորհր­դակ­ցած է նշա­նա­ւոր ճար­տա­րա­պետ Ռեն­ցօ Փիա­նո­յի հետ:

Բաց աս­տի, 24 Օ­գոս­տո­սին կեդ­րո­նա­կան Ի­տա­լիան հա­րուա­ծած 6.2 աս­տի­ճան ուժգ­նու­թեամբ երկ­րա­շար­ժին պատ­ճա­ռով ար­ձա­նագ­րուած է 291 զոհ եւ շուրջ 500 վի­րա­ւոր:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2016