ՀԱՄԱՔԱՅԼ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը հանդիսանան երկու բարեկամ ու եղբայրական երկիրներ, որոնք միասին կը շարժին տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով խնդիրներու շուրջ։

Պինալի Եըլտըրըմ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքուի, ուր Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Իր կեցութեան օրերուն ան եղաւ հիւրը՝ Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Օքթայ Ասատովի։ Պաքուի մէջ Պինալի Եըլտըրըմ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, վարչապետ Նեւրուզ Մամէտովի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Իլհամ Ալիեւ ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բոլոր ժամանակաշրջաններուն զօրակցած են իրարու եւ այսօր եւս այդ զօրակցութիւնը կը շարունակուի։

Ուրբաթ, Օգոստոս 31, 2018