ԿԸ ՆՇՈՒԻ «ԿԻՒՄՐԻԻ ՕՐ»Ը
«Կիւմրիի օր» տօնակատարութեան շրջանակներէն ներս կը բացուի երեք կրթամշակութային կեդրոն։ Այսպէս, «Կիւմրիի օր» տօնակատարութեան շրջանակին մէջ՝ սեպտեմբերի 5-ին, քաղաքապետարանի շէնքէն ներս, բացումը կը կատարուի կրթամշակութային երեք կեդրոնի: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, շինութիւնները տեղակայուած են Կիւմրիի քաղաքապետարանի վարչական կառոյցի նկուղային հատուածին մէջ:
Տարածքը հիմնանորոգուած է Կիւմրիի քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան համատեղ ծրագիրով։ Շէնքի տուեալ հատուածին մէջ կը գործեն Կիւմրիի Պատմութեան թանգարանը, «Մկրտիչ Արմէն» կեդրոնական գրադարանը եւ Կիւմրիի համայնքային ցուցասրահը:
«Կիւմրիի օր» միջոցառման շրջանակներէն ներս կը կատարենք այս երեք խիստ կարեւոր կառոյցներու բացումը եւ կ՚ազդարարենք, որ այսուհետեւ այս կառոյցները պատրաստ են ընդունելու կիւմրեցիները եւ Կիւմրիի բոլոր հիւրերը», տեղեկացուցած է Կիւմրիի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժնի պետ Լիլիթ Թովմասեան:
Ցուցասրահին մէջ առաջին ցուցադրութիւնը կը նախատեսուի սեպտեմբերի 5-ին՝ գանատահայ նկարիչ Գէորգ Գասապեանի անհատական ցուցահանդէսով:
Միւս կառոյցը՝ «Մկրտիչ Արմէն» կեդրոնական գրադարանը, արդէն իսկ տեղաւորուած է շինութեան մէջ: Քաղաքային գրադարանը տեղափոխելու պատճառը նախկին շէնքի վթարային վիճակն է: Գիրքերը գրադարակներուն մէջ են, կը սպասէ նոր գրականութեան համալրման, իսկ ընթերցողներու համար գրադարանը բաց կ՚ըլլայ սեպտեմբերի 5-էն յետոյ:
Կիւմրիի պատմութեան թանգարանի հատուածին մէջ դեռ ընելիքներ շատ կան: Ցուցանմոյշներու տեղադրման աշխատանքներուն զուգահեռ որոշ սենեակներու մէջ դեռ շինարարական եռուզեռ կայ:
Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին Կիւմրիի «Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանէն ներս պահուող ցուցանմոյշները, որոնց մէկ մասը 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ ժամանակաւորապէս պահպանութեան յանձնուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան շարք մը թանգարաններու: