ՃԱՆԱՉՈՂԱԿԱՆ ԱՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ընդհանուր սպայակոյտէն ներս Նիկոլ Փաշինեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան մասնակցեցան խորհրդակցութեան մը։ Անոնք այցելեցին նաեւ սահմանապահ դիրքերը։ Այս առթիւ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայկական զինեալ ուժերու ռազմաարդիւնաբերութեան շարունակական զարգացումը կառավարութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ է։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2020