ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՆՇԱՆՆԵՐ…

Մալաթիոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած արարողութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Տեղւոյն երբեմնի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին մշակոյթի կեդրոնի ձեւաչափին մէջ վերականգնուած է Մալաթիոյ գլխաւոր քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ։ «Թաշխորան» անուանեալ պատմական սրբավայրը թէեւ առաջին հերթին մշակոյթի կեդրոնի կարգավիճակ պիտի ունենայ, սակայն, հարիւր տոկոսով պիտի չդադրի սրբավայր մը ըլլալէ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերանորոգեալ պատմական տաճարին մէջ շաբաթավերջին պատարագեց եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ դիպուկ ձեւով բացատրեց երբեմնի այս հայաշատ քաղաքի եկեղեցւոյ ոդիսականի փուլերը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Ամենապատուութեան Մալաթիոյ քարոզին սղագրութիւնը։

*

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց բնաբան ունենալով «Կորսուած էր՝ գտնուեցաւ, մեռած էր՝ ողջնցաւ» (Ղկ 15.32) Աւետարանի նախադասութիւնը։

Պատրիարք Հայրը եկեղեցիներու եւ տաճարներու նշանակութիւնը ներկայացուց, յիշելով Հին Կտակարանի եւ Նոր Կտակարանի օրինակները։ Այս առիթով շեշտեց, թէ կառոյցները իրենց Աստուածային նշանակութեամբ սրբութիւններ են, կերտուած են պաշտամունքի համար։ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ պատմական ճամբորդութիւնը եւս մեկնեց այս երեսակով ու ըսաւ, թէ՝ այս տաճարը անցեալին հիմնուած էր, որպէսզի Մալաթիոյ շրջանի հայերը իրենց պաշտամունքը կատարեն։ Տարիներու ընդհատումէ յետոյ, երբ նոյն կառոյցին մէջ նոյն նպատակով հաւատացեալներ կը հաւաքուին ու Ս. Պատարագ կը մատուցուի, սա իրականութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ տօնական ուրախութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը, եկեղեցւոյ կարգավիճակին մասին յստակ տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ ըսաւ, թէ եկեղեցին ունի մշակոյթի կեդրոնի կարգավիճակ, սակայն այստեղ կարելի պիտի ըլլայ նաեւ Մալաթիոյ ժողովուրդին հոգեւոր կարիքներուն համաձայն արարողութիւն կատարել. ինչպէս՝ Մկրտութիւն, Ս. Պսակ եւ Ս. Պատարագ։ Այս առթիւ անգամ մը եւս երախտիքով  անդրադարձաւ տեղւոյն պատկան մարմիններուն բարեացակամութեան ու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մալաթիոյ կուսակալ Այտըն Պառուշին եւ գլխաւոր քաղաքապապետ Սելահատտին Կիւրքանին։ Մեր Հոգեւոր Պետը այս կարգավիճակը ներկայացնելով յիշեցուց նաեւ, թէ պէտք է կեդրոնանալ լքեալ սուրբ կառոյցին բարւոքման իրականութեան վրայ։ Ան յայտնեց, թէ անցեալ օրերուն գործողութեան ենթարկուած ըլլալով հանդերձ, յատկապէս փափաքած էր ներկայ գտնուիլ այս պատմական արարողութեան եւ Ս. Պատարագին, որպէսզի որպէս Պատրիարք Հայոց եւ հոգեւորական, եզակի ապրումներով մաս եւ բաժինը ստանայ այս մեծ տօնէն։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ատըեամանի Ասորիներու մետրապոլիտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Մալաթիոյ եւ շրջակայից հայ ժողովուրդի անդամներուն հանդէպ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։ Այս առթիւ իրեն մաղթեց արեւշատութիւն եւ յաջողութիւն։

Պատրիարք Հայրը քարոզի աւարտին գնահատելով Հաթայ նահանգի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի աշխատանքն ու ծառայութիւնը, զինք նշանակեց գաւառի մեր ժողովուրդի տեսուչ։

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021