«ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԴԱՍԱԿԱՆՆԵՐ»
Երեւանի մէջ այսօր կը սկսի «Ժամանակակից դասականներ» փառատօնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ նոյեմբերի 9-ը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս փառատօնի օրերուն Հայաստանի մէջ կը հիւրընկալուին աշխարհի զանազան երկիրներէն մեծանուն երգահաններ, յօրինողներ եւ մենակատարներ, որոնք կը համախմբուին Երեւանի մէջ։ Անոնց կը միանան նաեւ հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեան։ Փառատօնի ծիրէն ներս նախատեսուած համերգներէն իւրաքանչիւրը պիտի նուիրուի երգահաններէն մէկուն։ Համերգներուն ժամանակ պիտի ներկայացուին տուեալ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն։
Երէկ, Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառին մէջ այս փառատօնին ընդառաջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ատենախօսներն էին Տիգրան Մանսուրեան, Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան եւ Եւրոպայի աջակցութեան մշակութային հիմնադրամի նախագահ Կոնստանդին Իշխանով։ Հարկ է նշել, որ անոնք մամլոյ ասուլիսին զուգահեռ՝ ծաղիկներ ալ խոնարհեցին Կոմիտասի արձանին առջեւ, որ կը գտնուի թանգարանին մուտքին։
Փառատօնի առաջին համերգը նուիրուած կ՚ըլլայ Տիգրան Մանսուրեանին, այս վերջինը նշեց որ սա աննախընթաց իրադարձութիւն մըն է հայ երաժշտութեան բնագաւառին մէջ։ Իր կարգին, Իշխանովն ալ դիտել տուաւ, որ այս փառատօնը ունի իւրայատկութիւն մը։ Այսպէս, ո՛չ միայն հնարաւոր է տեսնել մեծանուն արուեստագէտները, այլ նաեւ ծանօթանալ անոնց հետ։
Հարկ է նշել, որ այս փառատօնը կազմակերպուած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ։