ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ
Երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստոնէական միջդաւանական խորհրդակցական յանձնախումբի հերթական՝ 4-րդ ժողովը։ Ռուսաստանի տարածքէն ներս գործող քրիստոնէական երեք յարանուանութիւններու Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Աւետարանական-Լուտերական եկեղեցւոյ համատեղ նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այդ միջեկեղեցական համաժողովը։ «Աւետարանի անանց ուժը եւ անոր նշանակութիւնը ժամանակակից հասարակութեան համար» ընդհանուր խորագրին ներքեւ կազմակերպուած ժողովի տեւողութեան քննարկման հիմնական նիւթերը դարձան աւետարանական քարոզչութեան եւ ժամանակակից հասարակութեան փոխյարաբերութիւններու հիմնախնդիրներն ու անոնց յաղթահարման ուղիներու մատնանշումը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով ժողովներուն մասնակցեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, նաեւ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմէն Տ. Պօղոս Աբեղայ Վարդանեան եւ Տ. Գէորգ Քհնյ. Վարդանեան։
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան կլոր սեղանի ձեւաչափով չորս քննարկումներ։ Առաջին կլոր սեղանի նիւթն էր՝ «Հետեւիլ Քրիստոսին»։ Քննարկումները ծաւալուեցան մերօրեայ քրիստոնէական ինքնութեան շուրջ։ Երկրորդ կլոր սեղանը խորագրուած էր՝ «Խաղաղասիրութիւնը իբրեւ աւետարանական ճանապարհ»։ Երրորդ նիստը աշխատանքը ծաւալեց Աւետարանը համարելով՝ իբրեւ ժամանակակից հասարակութեան բարոյական ուղեցոյց։ Չորրորդ կլոր սեղանը խորագրուած էր՝ «Աւետարանը եւ հասարակական ծառայութիւնը»։ Կլոր սեղաններու քննարկումներու եզրայանգումներուն հիման վրայ ամփոփուեցան համաժողովի արդիւնքները։