ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան որոշած են կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ Արցախի լայնածաւալ պատերազմի առկայ մթնոլորտին մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ՝ Արքատի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի ջանքերով հասունացուած ծրագիր մըն է այս մէկը։ Այսպէս, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան կը նախատեսեն մեկնիլ Մոսկուա եւ Ռուսաստանի քաղաքական վերնախաւին հետ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը։ Անոնք կը նախատեսեն այդ քննարկումներու լոյսին տակ Հայաստանի կառավարութեան յստակ լուծման առաջարկներ ներկայացնել ստեղծուած իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ Հայաստանի կառավարութեան բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան երէկ տեղեկացուց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաւանութիւն տուած է այս նախաձեռնութեան։ Ըստ բանբերին, ան չի կրնար խոչընդոտել Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ հաւանական որեւէ քայլ։

Մինչ այս իրադարձութիւնը երէկ ուշադրութեան արժանացաւ հայկական լրահոսին վրայ, աւելի ուշ տեղեկացուեցաւ, որ Ռոպերթ Քոչարեան վարակուած է քորոնաժահրով եւ այդ ախտորոշման հիման վրայ՝ ինքնամեկուսացած։ Անոր Մոսկուա մեկնիլը ժամանակաւորապէս անկարելի դարձած է։ Քոչարեան այժմ իրմէ կախեալ ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի նպաստէ Արցախի պատերազմի դադրեցման։ Երկու նախկին նախագահներու նախաձեռնութեան շարունակութիւնը, ըստ երեւոյթին, պիտի յստականայ յառաջիկայ օրերուն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020