ՇԻՐԱԿ ՇԷՇԷԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «MAMUT ART PROJECT»ԻՆ
Անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլի մէջ գեղարուեստասէրներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր «Mamut Art Project»ին վրայ, որ տեղի ունեցաւ «Yapı-Kredi Bomontiada»ի համալիրէն ներս։ Այս ծրագրի կազմակերպչական աշխատանքները ղեկավարուած են մեր համայնքէն Սէրտա Արսլանի կողմէ։ «Mamut Art Project»ը տասն տարիէ ի վեր ամբողջ Թուրքիոյ մէջ երիտասարդ ու անկախ արուեստագէտները շփման մէջ կ՚անցընէ թէ՛ գեղարուեստի արհեստավարժներուն եւ թէ՛ գեղարուեստասէրներուն հետ։
Այս տարի «Mamut Art Project»ին մասնակցեցաւ նաեւ Շիրակ Շէշէթեան, որու ստեղծագործութիւնները այցելուներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան։
Քաղաքիս մէջ Թարգմանչաց վարժարանն ու Սեն Միշել ֆրանսական լիսէն աւարտելէ վերջ, Շիրակ Շէշէթեան մեկնած է Ֆրանսա, ուր Լիոնի մէջ կը շարունակէ բարձրագոյն ուսումը։ Երիտասարդ քանդակագործ Շիրակ Շէշէթեան արդէն երրորդ անգամ մասնակցեցաւ ցուցահանդէսի մը։ Հարիւրաւոր դիմումներու շարքին իր ստեղծագործութիւնները ցուցադրութեան արժանի դասուած էին։ Խտացեալ մետաղի եւ մեղրամոմի օգտագործումով արտադրուած իր գործը այցելուներու անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։ Իր ստեղծագործութիւնը ունի առանձնայատկութիւն մը. տաք օդով շփումի զուգահեռ՝ ան աստիճանաբար կը վերածուի միայն մետաղէ կմախքի մը։ Իր երկրորդ գործն ալ նոյնպէս հետաքրքրութեան արժանացած է։ Սա փորձ մըն է վիտէոյի միջոցաւ տեսալսողական քանդակ մը ստեղծագործելու։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Շիրակ Շէշէթեանը, որ ուսումը շարունակելու համար կը վերադառնայ Ֆրանսա եւ որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։