ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՕՐԱՑՈՅՑԸ

2016 եւ 2017 թուա­կան­նե­րուն յա­տուկ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ ճշդուած հռչա­կա­ւոր մար­դոց եւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու օ­րա­ցոյ­ցին մէջ ընդգր­կուե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ յատ­կան­շա­կան եր­կու ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցիի տպագ­րու­թեամբ հա­յե­րէն ա­ռա­ջին Աս­տուա­ծա­շուն­չի (1666 թուա­կան) 350-ա­մեա­կը եւ աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի (1817-1900) ծննդեան 200-ա­մեա­կը ընդգր­կուե­ցան վե­րո­յի­շեալ օ­րա­ցոյ­ցին մէջ։

Սոյն կար­գադ­րու­թիւ­նը ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ կա­տա­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ա­նու­նով ներ­կա­յա­ցուած ա­ռա­ջարկ­նե­րու վրայ։ Այս­պէ­սով, 1998 թու­կա­նէն առ այ­սօր հռչա­կա­ւոր մար­դոց եւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի օ­րա­ցոյ­ցին մէջ նե­րառ­նուած ե­ղաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած 21 յո­բե­լե­նա­կան տա­րե­թիւ։

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015