ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

2016 թուա­կա­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ կը դի­մա­ւո­րուի ան­նա­խըն­թաց խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Այս տա­րի եւս ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին հիմ­նա­կան մաղ­թանքն ու ակն­կա­լու­թիւնն է խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի դէմ­քե­րէն սկսեալ մին­չեւ պարզ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­մէն մարդ ան­կեղծ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով կ՚ար­տա­յայ­տէ խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­բե­րեալ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը։

Այս տա­րի եւս Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ա­ռու­մով մեծ ե­ռու­զեռ մը ստեղծուած է Նա­յի­րեան երկ­րէն ներս։ Քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի սրտին՝ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ եր­կինք խո­յա­ցած է ա­ւան­դա­կան հսկայ տօ­նա­ծա­ռը, որ լու­սա­ւո­րուած է սքան­չե­լի ձե­ւով։ Նոյն հրա­պա­րա­կին վրայ տօ­նա­կան շրջա­նին բնո­րոշ բա­զում ձեռ­նարկ­ներ կազ­մա­կեր­պուե­ցան վեր­ջին օ­րե­րուն եւ ա­նոնք պի­տի շա­րու­նա­կուին մին­չեւ Հին Ա­մա­նո­րը։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­մա­նո­րեան ա­ւան­դա­կան տօ­նա­վա­ճա­ռը, որ այս տա­րի պսա­կուե­ցաւ ար­տա­սո­վոր յա­ջո­ղու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի բո­լոր մար­զե­րէն եւ Ե­րե­ւա­նէն կին ար­տադ­րող­ներ, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ այլ ան­հատ­ներ խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ճե­մաս­րա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պուած այս բա­րե­գոր­ծա­կան տօ­նա­վա­ճա­ռին։ Բազ­մա­տաս­նեակ տա­ղա­ւար­նե­րուն շուրջ մար­դիկ հա­մախմ­բուե­ցան՝ գնում­ներ ը­նե­լով, նաեւ հե­տե­ւե­լով յա­րա­կից կազ­մա­կեր­պուած մշա­կու­թա­յին ծրագ­րե­րուն։ Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած օ­տա­րերկ­րեայ դես­պան­նե­րու եւ դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու բուռն մաս­նակ­ցու­թիւնն ալ չէր սպրդեր ու­շադ­րու­թե­նէ։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ա­պա­րանքն ալ այս տա­րի եւս իր դռնե­րը լայն բա­ցած էր Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ­նե­րուն հա­մար՝ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին։ Ե­րե­ւա­նի նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի մեծ դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ յար­դա­րուած շքեղ տօ­նա­ծա­ռը խումբ առ խումբ հա­մախմ­բեց երկ­րի մա­նուկ­նե­րը։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քը կար­ծես դար­ձած ըլ­լար մատ­ղաշ սե­րուն­դի ժա­մադ­րա­վայ­րը, ուր ա­նոնց հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցան խրախ­ճանք­ներ։ Մա­նուկ­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան հտպիտ­նե­րու հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ եւ Կա­ղանդ պա­պու­կին ձե­ռամբ նուէր­ներ ստա­ցան՝ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգսեա­նին կող­մէ։

Ամանորի առթիւ պետական աւագանին Վեհափառ Հայրապետին հետ յարգանքի այց մըն ալ տուաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015