ARTE-ԷՆ Շ. ԱԶՆԱՒՈՒՐ

Գեր­մա­նա-ֆրան­սա­կան Arte հե­ռուս­տաա­լի­քը 3 Յու­նուար 2016-ին պի­տի տե­սասփ­ռէ ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի հա­մեր­գը, որ ան­ցեալ աշ­նան տե­ղի ու­նե­ցած էր Փա­րի­զի «Palais des Sports»ի եր­դի­քին տակ։ Ցու­ցադ­րուե­լիք այս նիւ­թը նկա­րա­հա­նուած է Սեպ­տեմ­բե­րի 15-ին տե­ղի ու­նե­ցած հա­մեր­գին ժա­մա­նակ։

Հե­ռուս­տաա­լի­քի կայ­քէ­ջը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ Շարլ Ազ­նա­ւուր Ֆրան­սա գաղ­թած հայ ճա­շա­րա­նա­տէ­րի մը որ­դին է եւ իր 70-ա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին ստեղ­ծած է մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով ա­մե­նաէա­կան ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րէն մին։ Հարկ է նշել, որ 15-27 Սեպ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն Շարլ Ազ­նա­ւուր Փա­րի­զի մէջ հան­դէս ե­կած էր ի­րե­րա­յա­ջորդ վեց հա­մերգ­նե­րով, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պուած էին ա­նոր «Encores» ալ­պո­մի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015