յոյսեր մաղթանքներ

Համայն մարդկութիւնը այսօր կը դիմաւորէ 2019 թուականը։ Նոր յոյսերու, նոր մաղթանքներու հերթական փուլ մըն է այս մէկը։ Հայաշխարհն ալ բարձր տրամադրութիւնով եւ բարի ակնկալութիւններով կ՚ողջունէ Ամանորը։ Քաղաքամայր Երեւանէ հասած դրուագները կը վկայեն, որ նայիրեան երկիրը ձիւնածածկ է այս Ամանորին։ Յամենայնդէպս, պակաս չէ հայոց աշխարհի ջերմութիւնը։ Յոյսերը վառ են հայութեան։ Բոլոր մաղթանքները կը միանան խաղաղութեան վրայ։

Նոր ապագայ մը կերտելու, երկնակամարին աւելի փայլուն արեւ մը ունենալու ձգտումով, բարի տրամադրութիւններով հայերը զիրար կը շնորհաւորեն։

Մարդկային կեանքի պայքարին մէջ նոր՝ սպիտակ էջ մը կը բացուի դարձեալ…

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018