ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

2021 թուականի տարեմուտը յոբելենական շրջանի մը սկիզբը կը բնորոշէ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին տեսակէտէ։ Յառաջիկայ աշնան ան պիտի աւարտէ իր գահակալութեան 30-ամեակը։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը թէ՛ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ իր աշխարհատարած թեմերէն ներս ցարդ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի գահակալութեան յոբելեաններուն առթիւ կազմակերպած է զանազան ձեռնարկներ։ Կը նախատեսուի, որ աւանդոյթը այս հանգրուանին եւս շարունակուի՝ քորոնաժահրի համաճարակի ընթացքին համեմատ։

Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի յոբելեանը թէեւ առաջին հերթին Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կը վերաբերի, սակայն կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, այսօր Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները նոյնիսկ երկրի բնակչութեան մէկ տոկոսը չեն կազմեր, սակայն, Պարթոլոմէոս Պատրիարքի հեղինակութիւնը անվիճելի գործօն մըն է, որ կը պայմանաւորէ բոլոր քրիստոնեաներու, փոքրամասնական հաւաքականութիւններու կշիռը, անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը։

Երեք տասնամեակէ ի վեր, անհատական իր որակով Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք այնպիսի կերպար մը կը մարմնաւորէ, որ դաւանանքներէ անկախ՝ երկրի բոլոր փոքրամասնութիւններու համակրանքին արժանացած է, նաեւ շինիչ դերակատարութիւն մը ստանձնած՝ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու մէջ։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020