ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յոյս յայտնեց, թէ 2021 թուականը կը դառնայ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման տարի։

«Եկէ՛ք, խաղաղութիւն կնքենք իրարու եւ բնութեան հետ։ Յաղթահարենք կլիմայի տագնապը։ Կանգնեցնենք «COVID-19»ի տարածումը եւ 2021 թուականը դարձնենք ապաքինման տարի. մահացու վարակի հետեւանքներու, քայքայուած տնտեսութեան եւ հասարակութեան ապաքինման տարի։ Այսպէս պէտք է ըլլայ 2021 թուականի մեր ամանորեայ խոստումը», նշած է ընդհանուր քարտուղարը Ամանորի իր պատգամին մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020